Երկաթէ Դգալը
Զէնքերու աստուածն էի։ Ունէի սրբավայրս, ուր հզօր կիներ ու տղամարդիկ կու գային՝ որ օրհնեմ
իրենց զէնքերը։ Այդ տարի, հանդիպեցան մեծ թիւով
արիւնկզակ աւազակներ, փոքր թիւ մըն ալ՝ սկսնակ յեղափոխականներ։ Սակայն անակնկալը ստեղծեց փոքրամարմին
մանուկ մը, որ ներկայացաւ սրբավայր եւ քաղաքավարի խնդրեց օրհնել իր ապուրի դգալը․․․․
Յոլով տարիներ անդարձ սահած են այն օրէն, երբ վերջին ուխտաւորը
ոտք դրաւ նուիրական մեհեանս: Յոլով՝
հայերու գրաբառով կը նշանակէ «շատ, բազմաթիւ»։
Ինչպէս կ՛ըսէ հինաւուրց առածը՝ «զօրաւոր սայրը չի կրնար կոփուիլ
մոմիկի մը
նուաղ բոցով»։ (Սայր բառը եւս յայտնի դարձաւ
ինծի Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի «Բառգիրք հայերէն լեզուի» բառարանէն / Պէյրութ, 1998,
Էջ 405/, որ նախասիրած գիրքս է վերջին օրերուն): No.1 աստուծոյ հետեւորդներու վերջնական պարտութենէն
եւ մահկանացուներու թագաւորութիւններու քայքայումէն ետք, պարտադիր
անդորրութեան երկարամեայ տարիներուն, ակնառու ռազմիկներ այլեւս չծնան։ Մարդկութիւնը
նուաղած էր ի մեղկութիւն։
Խաղաղութեան առաջին շրջանին, քիչ թէ շատ պատերազմիկներ դեռ կը փութային
տաճարս, որպէսզի իրենց թուրերը օծէի աստուածային զօրութեամբս։ Ափսո՜ս՝ անոնցմէ ոչ ոք յաջողեցաւ պատուով անցնիլ
սահմանածս փորձութիւնները։
Նոր դարաշրջանի ռազմիկը կը կռուի լոկ ագահութեան եւ ջնջին վրէժխնդրութիւններու համար։ Օրին, գրած էի․ «Ահաւասիկ
նոր ժամանակներու զինուորները. անոնց սիրտերը դատարկ են, իսկ նպատակները՝ ստոր։ Ո՞ւր
մնացին անոնք, որոնց կամքը կը շիկանար սալիս վրայ ու կը դառնար անխոցելի պողպատ։ Մարդկային
կամքը, որ ադամանդեայ ամրութիւն մը ունէր, այժմ վերածուած է փոշիի։»
Ապա, օր մը, յանկարծակիօրէն, մանուկ մը յայտնուեցաւ մեհեանիս սեմին։
Փոքրիկ արարած մը, որ իր հասակով
մեհեանին մէջտեղը կանգնած սալէն աւելի բարձր չէր։ Իր թմբլիկ ու պզտիկ ափերուն մէջ պինդ
բռնած էր ապուրի մետաղեայ դգալ մը։
Ինչպէ՞ս նման մատաղ երեխայ մը կրցած էր հասնիլ այս բարձունքին։
Միայն անոնք, որոնք ունին զօրաւոր կամքի ուժ՝ միայն անոնք կրցած էին ոտք դնել յարկիս
տակ։ Այս մանուկին յանդգնութիւնը ապշեցուց ։
-«Կ'աղաչեմ,
Տէ՛ր իմ, օրհնեցէ՛ք դգալս», խնդրեց
մանուկը։ Չէիր կրնար չտեսնել անմեղութեան
փայլը աչքերուն մէջ։
Թէպէտ տատամսեցայ պատասխանելու, սակայն չէի կրնար անտեսել փաստը․ մանուկը արդէն իսկ նուաճած
էր մեհեան բերող դժուարին ուղին եւ իւրաքանչիւր այցելուի պէս իրաւունք ունէր անցնելու
կանոնագրով հաստատուած քննութիւնները։
-«Յայտնէ՛ ինծի,
որդեա՛կ, որո՞նք են այն թշնամիները, որոնց կը փափաքիս յաղթել այս գործիքով» (սա քննութեան առաջին հարցումը եղած է միշտ)
։
-«Թըշ-նա-մինե՞րը…», կակազեց մանուկը՝
զարմացած հայեացքով։
- «...Այո՛, թշնամիները», կրկնեցի ես յաւելեալ լրջութեամբ։
Տղան նայեցաւ ինծի
պարզունակ հայեացքով մը,
ուր կար ո՛չ նենգութիւն եւ ո՛չ ալ ոխ։ Ես հոգոց մը հանեցի եւ վերաձեւակերպեցի
հարցումս. «Որո՞ւն դէմ կ'ուզես մարտնչիլ,
զաւա՛կս»։
-«Ես... ես
կ'ուզեմ յաղթել անօթութեան, Տէ՛ր իմ»,
արտասանեց ան հաստատակամ։
Չէի կրնար հաւատալ ականջներուս։ «Անօթութեա՞ն»,
հարցուցի ես, եւ այդ բառը մեհեանիս կամարներուն տակ հնչեց որպէս ամենածաղրական քրքիջ։
-«Այո՛, հայրիկս
ըսաւ, որ սովը պիտի սպաննէ մեզ բոլորս։ Ես կ'ուզեմ յաղթել սովին», ըսաւ տղան արագ-արագ։
Շտապ հայեացք մը նետեցի տղուն գիւղին վրայ, որ հեռուն՝ հորիզոնին, աղքատիկ
կը թուէր։ Խաղաղութիւնը հասած էր մահկանացուներու աշխարհ, սակայն բարգաւաճումը դեռ
չէր յաջողած իր օրհնութիւնը բերել անոնց։ Սովը՝ այդ անտեսանելի ու դաժան թշնամին, պաշարած
էր զանոնք։
-«Երկրորդ հարցս. որո՞ւ համար կը մարտնչիս», հարցուցի։
Տղան սկսաւ թուել իր սիրելիները, եւ անոր խօսքը վերածուեցաւ ռիթմիկ
աղօթքի. յիշեց զմայրիկն ու հայրիկը, յիշեց
զքոյրիկը փոքրիկ, որ երկու տարեկան է լոկ, յիշեց զմեծ հայրիկը պատուական, յիշեց զՊարգեւը՝ իր ընկերը հաւատարիմ, յիշեց զօրիորդ Լուսինէն, որ կը սորվեցնէ գիր ու հաշիւ, եւ ապա յիշեց
զՆուէրը, զՎարդգէսը եւ զՆայիրան․․․
Լուռ սպասեցի
մինչեւ որ մանուկը աւարտեց շարել իր
սիրելիներուն անունները՝ քանի մը տասնեակ։
-«...Այսքա՞նն
են բոլորը», հարցուցի ես, հազիւ զսպելով խնդուքս։
-«Ըըը... վստահ
չեմ, Տէ՛ր իմ․ կարելի՞ է ուրիշ մարդիկ ալ աւելցնեմ աւելի ուշ», հարցուց
ան՝ ամօթխած ։
«Անիմաստ է սիրաշահիլ զիս այսպիսի քաղցրութեամբ», խորհեցայ, բայց
տեսնելով անոր անկեղծութիւնը՝ սիրտս փափկեցաւ։ «...Թոյլատրելի է», պատասխանեցի։
-«Վերջին հարցիս մասին», ըսի իրեն, «կ'ուզեմ, որ շատ լաւ մտածես․ յանուն յաղթանակի
պատրա՞ստ ես մեռնելու»։
Տղան լուռ մնաց։ Թերեւս չափազանց ծանր հարց մըն էր դեռահասի մը
համար։ Նայեցաւ ինծի քաջ դէմքով
մը եւ խօսեցաւ անշեղօրէն։
-«Ո՛չ։ Ես կ'ուզեմ
ապրիլ մինչեւ որ մեծ հայրիկէս աւելի ծերանամ։ Մայրիկս ու հայրիկս յոյժ պիտի տխրին,
եթէ ես մեռնիմ։ Խոստում կու տամ, որ շատ-շատ պիտի չարչարուիմ յաղթելու համար, բայց
չեմ ուզեր մեռնիլ»։
Ես լռեցի, զի իմաստութիւնը յայտնուեցաւ մանուկին բերնէն։ Տեսած
եմ բազում տաքարիւն երիտասարդներ, որոնք պատրաստ էին մեռնելու յանուն փառքի, նոյնիսկ
չըմբռնելով, թէ որքան թանկագին է կեանքին շունչը։ Որպէս մէկը, որ նախքան աստուածանալը մահկանացու
էր, կը յիշեմ կեանքին քաղցրութիւնը։
Այն ալ ըսեմ, որ ինծի
գործընկեր աստուածները զիս կ'անուանեն «Հակասականը», զի կը մերժեմ սպանդը յանուն
սպանդի։ Այս մակդիրը նաեւ տարածուած է
մեր նեղ շրջանակէն դուրս, առիթ տալով բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու, նոյնիսկ՝ թերահաւատութեան։
Ես կը փափաքիմ, որ իմ օրհնած զէնքերը ըլլան աւելին, քան կործանման գործիքներ։
Կեանքը սրբազան է, եւ այս համոզումը աստուածութեանս հիմնաքարն է։
-«..․Ըըը, Տէ՛ր իմ, ձախողեցա՞յ քննութիւնը», երկչոտութեամբ
հարցուց տղան։
Ժպտեցայ իրեն. «Դուն
փառաւորապէս անցար փորձութիւնը, տղա՛ս»։
․․․․․․
«Կը զգուշացնեմ
քեզ՝ սա առաջին անգամն է, որ դգալ մը կը վերաձեւեմ զէնքի»։ Վերցուցի
մետաղեայ այդ փոքրիկ գործիքը։ Բարեբախտաբար,
ամբողջ դար մը զէնք չէի օծած, եւ աստուածային զօրութիւնը վարարած էր մէջս։ Հաւաքեցի
այդ ուժը եւ դանդաղօրէն պարուրեցի շերեփին անհարթ մակերեսը անորմով։ Հուրին շաչիւնը լսելի դարձաւ, եւ երկաթը
սկսաւ շողշողալ անդրարեգակնային լոյսով։
Ապա հասաւ ամենադժուար պահը՝ դգալին իշխանութիւն շնորհելը։ Այդ
զօրութեամբ է, որ զէնքը կրնայ հակառակիլ բնութեան օրէնքներուն։ Յաւուր պատշաճի, ես
զէնքերուն տուած էի իշխանութիւն՝ կտրելու մտային պղծութիւնն ու իրերու կառավարումը՝
առանց մարմինը վիրաւորելու։ Այժմ, այդ նոյն սկզբունքով, օրհնեցի․ «կը շնորհեմ տոկունութիւն․
պիտի դառնաս անբեկանելի, դիմանալով ժամանակի հարուածներուն։ Ուժդ պիտի աճի ու զարգանայ տիրոջդ հետ մէկտեղ, յարմարելով
անոր հասակին ու կարիքներուն։ Եղիր
իմաստուն զօրութիւն մը, որպէսզի հսկես այս տղուն եւ անոր հարազատներուն
վրայ՝ վանելով անոնցմէ ամենայն չարիք»։
Ինչպէ՞ս յաղթել անօթութեան։ Բաւարար չէ միայն ստամոքսը լեցնելը։
Մտաբերեցի հեռու յիշողութիւններս եւ յղեցի զանոնք՝ ձուլուելու տղուն միտքին հետ․ վառարանին ջերմութիւնը,
եփող ապուրին ախորժաբեր բոյրը, սիրելիներով շրջապատուած ըլլալու ապահովութիւնը...այդ է յաղթանակը՝ տան
սփոփիչ ու գրկող շունչը, հացը կիսուելու զգացումը, որ կը հոսի
մարմինին ու հոգիին մէջ։
Ահաւասիկ այս դգալը,
որ երբ խառնէ՝ կը ստեղծէ։ Ան պիտի սահի կաթսաներու ներքին երեսին վրայ ու եթէ պէտք
է՝ ճնշելով, պիտի քերէ ու սեղանին դնէ այնտեղ մնացած սնունդի ամենավերջին պատառը։ Սնունդը, որուն ան կը դիպչի, պիտի պարգեւէ մխիթարութիւն եւ զօրութիւն
ուտողներուն, նոյնիսկ երբ կաթսան դատարկուած է ու կրակը՝ մարած։
Ա՛յս է սովին
դէմ պայքարող զէնքին իսկական կերպը։ Երբ այս պատկերացումը ամրացաւ ոգետեսութեանս մէջ, ձեռքիս
մէջ դգալը յանկարծ բռնկեցաւ պայծառ լոյսով մը։ Յանձնեցի
զայն անձնուէր ռազմիկին, որ դանդաղօրէն ետ-ետ գնաց ու դէմքը պահած բագինին՝ դուրս եկաւ
մեհեանէն։ Գիտեմ, որ ըսաւ ինչ-որ բաներ, սակայն ես մտքով արդէն ուրիշ տեղ էի՝ չլսեցի։
Հիմա կը խորհիմ...
զինագործութեան աստուծոյ պաշտօնս խոհարարական գործիքներու կամ երկրագործական սարքերու
աստուծոյ կոչումին վերածելը ամենեւին
գէշ գաղափար մը չէ։
Յաջորդիւ պիտի փորձեմ ճաշարանի մը կամ
ագարակի գործիքները, զի կեանքը պահպանելը աւելի վեհ է, քան զայն խլելը։
Վարդան Թաշճեան

Comments
Post a Comment