Թրամփի Քաղաքականութիւնը. Բաժնել Եւրոպան՝ Միաւորելու Համար Ամերիկան
Նախագահական առաջին քարոզարշաւէն ի վեր, Տոնալտ Թ րամփի արտաքին քաղաքականութիւնը՝ մասնաւորաբար Եւրոպայի նկատմամբ, բնորոշուած է հակադրութիւններով , անկանխատեսելիութեամբ եւ աւանդական դաշնակ ցութիւններն ու դաշնակիցները արժեզրկող ու վարկազրկող քայլերով : Մինչ բազմաթիւ քննադատներ կը պնդեն, թէ անոր մօտեցումը արդիւնք է անփութութ եան, գոռոզամտութեան կամ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ ծանօթ՝ մեկուսացման վարքագիծին, իմ կարծիքովս, այն աւելի շուտ ու աւելի շատ կը ցուցանէ հաշուուած դիրքաւորում մը. Թրամփի վարքագիծը Եւրոպայի նկատմամբ ոչ միայն Ամերիկայի ետ քաշուիլն է համաշխարհային առաջնորդութենէն (isolationism), այլեւ՝ աշխարհի կարեւոր այդ մասին մէջ հակա-ամերիկեան տրամադրութիւններ ստեղծելու ջանք մը, որպէսզի Ամերիկայի ներսը միաւորուի «աշխարհը մեր դէմ է» յերյիւրանքին տակ: Դաշնակիցները հեռացնելով՝ Թրամփ ամերիկացիներու աչքին կը բեմադրէ ինքնիրականացող մարգարէութիւն մը, ուր աշխարհը դարձեալ դուրս կու գայ Ամերիկայի դէմ , ու ինք կը ներկայանայ որպէս միակ ղեկավար ը , որ կրնայ պաշտպանել երկիր...