Զէնք` յանուն ինչի
Բարի գալուստ Հայկական ռազմական ակադեմիա, ուր գոյութենական սպառնալիքները, ըստ երեւոյթին, լաւագոյնս կը լուծուին… «flower power»ով ☮️։ Այո, բարեկամներ, սա Վուտսթոքը չէ, եւ 1969 թուականը չէ։ Սա լուրջ հնչող՝ «Մշակոյթը զէնք» անունով միջոցառում մըն է ՀՀ ռազմական ակադեմիային մէջ քանի մը օր առաջ ՝ Եռագոյնին վրայ հիփփիական խաղաղութեան խորհրդանիշով, որ կը գոռայ՝ «make love, not war»... մինչդեռ զինուորները կը մարզուին պատերազմելու, երբ պատերազմ կը պարտադրուի իրենց երկրին։ Միթէ՞ ակադեմիային մէջ չեն գիտեր, որ ժամանակին, ☮️-ը խորհրդանիշն էր ամերիկացի ուռռող տղաներու եւ աղջիկներու շարժման` գլխաւորաբար այն ջահելներուն, որոնք կ՛ուզէին խուսափիլ զoրակոչէն (թէ ինչպիսի ընկերային-քաղաքական պայմաններու մէջ՝ չի վերաբերիր հայ սպաներուն)։ Ի՞նչ է յաջորդը․ աքուսթիք կիթառներով տրուած հրամաննե՞ր։ Թշնամիի անօդաչուներ, որոնք կը չեզոքացուին շուրջպարերո՞վ։ Եկէք ըլլանք պարզ. մշակոյթը կրնայ զէնք ըլլալ (ինչ ալ որ ակադեմիայի ղեկավարութիւնը հասկցած է «մշակոյթ» ըսելով)։ Բայց խառնել մշակոյթը խաղաղասիրական խորհրդանիշներու ...