Մենք առանձին չենք



Օրինակով մը բացատրեմ, թէ ինչու ամուր է հաւատքս մարդկութեան հանդէպ։

Երկու օր առաջ, տղաս պէտք ունեցաւ կարդալու կառավարական փաստաթուղթ մը, անգլերէն,  1950-ական թուականներէն։ Հանրութեան համար բաց-հասանելի նիւթ մըն էր, առկայ էր առցանց, բայց շատ վատ կերպով սքան եղած, իմ ու իրեն համար անընթեռնելի։ Փորձեցինք ամէն բան՝ OCR գործիքներ, արհեստական բանականութեան ծրագիրներ, բայց ոչ մէկը օգտակար եղաւ։ Արհեստական բանականութիւնը, օրինակ, սկսաւ «զառանցել»․ քանի մը բառ հասկնալուն վրայ՝ սկսաւ «արտադրել» երեւակայական պատմութիւններ, որոնք չունէին որեւէ կապ թեմային հետ, որ, ծանօթ էր մեզի անշուշտ։ Այդ պահուն, թուաց, որ անյոյս գործ է։

Տղաս շարունակեց ջանքերը ու յայտնաբերեց առցանց հարթակ մը, որուն անդամները կը զբաղին հին փաստաթուղթերով։ Գրառում մը կատարեց այնտեղ ու պարզ ու յստակ բացատրեց խնդիրը եւ խնդրեց օգնութիւն։

Այն ինչ պատահեցաւ՝ երբեք պիտի չմոռնամ ։

Քիչ ժամանակ անց, չորս անծանօթներ արձագանգեցին։ Մարդիկ, որոնք բնաւ չէին ճանչնար տղաս։ Կատարած էին ջանքը վերարտադրելու թեքսթը եւ ներկայացնելու ֆորումին մէջ՝ տղուս ուշադրութեան։ Տղաս, խորութեամբ ծանօթ ըլլալով փաստաթուղթի թեմային, վստահ է հիմա, որ անոնցմէ մէկուն կատարած վերարտադրութիւնը ճշգրիտ է աւելի քան 95 առ հարիւրով։ Այլ երեք մարդիկ կատարեցին մասնակի վերարտադրութիւններ։ Ընդհանուրը, եօթ հոգի անմիջապէս ձեռնամուխ եղան օգնելու։

Կը վստահեցնեմ, որ դիւրին գործ մը պէտք չէ եղած ըլլայ։ ԱԲ-ի եւ OCR-ի ձախողութիւնը մեր աչքին առջեւն էր։ Այդ եօթ հոգիէն ոչ ոք ակնկալեց վարձատրութիւն։ Ոչ մէկը «mention» կամ նշում մը ուզեց իր անուան մասին՝ կատարած աշխատանքին համար։ Անոնք աշխատեցան՝ կարծես շտապ օգնութեան գործ մըն էր, հակառակ, որ տղաս ակնարկութիւն չէր կատարած ժամկէտի մը մասին։ Ուղղակի՝ մարդ մը կարիք ունէր օգնութեան, ու անոնք ընդառաջեցան։

Նման պահերը կը յիշեցնեն, որ դառնութեանց ու դժգոհանքի աղմուկէն անդին տակաւին գոյութիւն ունի բարութիւնը։ Գոյութիւն ունին լուռ ու համեստ մարդիկ, որոնք դեռ մարդոց օգնելով կ՚ապրին։ Ոչ թէ շահի համար, ոչ թէ երախտագիտութեան սպասումով, այլ պարզապէս որովհետեւ կը հաւատան, որ կարելի է օգնել։

Comments

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք