Պաշտօնաւոր բանավէճը վերադարձնել դպրոց
80-ականներու կէսերուն, անդամակցածս պատանեկան միութեան մէջ, Այնճար, Լիբանան, մեր վարիչները տարին քանի մը անգամ կը կազմակերպէին «վիճաբանական ասուլիս»ներ բոլոր պատանիներուս մասնակցութեամբ: Նստած կ՛ըլլայինք մէկ տեղ՝ ակումբի սրահին մէջ, մեր հերթական հանդիպումներու օրը՝ Շաբաթ երեկոյեան, միջինը՝ մօտ 100 հոգի։ Կ՛ունենայինք երկու զեկուցող, դարձեալ՝ պատանեկանի շարքերէն, որոնք պէտք է ներկայացնէին հակադիր թէզերը քննարկուելիք խնդրին վերաբերեալ։ Բաժնուած կ՛ըլլայինք երկու խումբի․ զեկուցումներու աւարտին, եւ ըստ կազմակերպողի յանձնարարութեան, իւրաքանչիւր խումբ պէտք է պաշտպաներ թէզերէն մէկը կամ միւսը։ Բանավէճի առանձնայատկութիւնը այն էր, որ մասնակիցները պարտաւոր էին պաշտպանել իրենց բաժին ինկած թէզը, կարծիքը եւ տրամաբանութիւնը՝ ԱՆԿԱԽ անձնական համոզումներէն կամ նախասիրութիւններէն ։ Կրնայիր համոզումներով դուն քեզ զգալ հակադիր խումբին մէջ , սակայն այդ պահուն պարտականութիւնդ հակառակը պնդելն էր՝ ներկայացնելով ամենազօրեղ փաստարկները, զորս միտքդ կրնար գոյացնել։ Շատ ետքն էր, որ գիտցայ, որ մեր «վիճաբանական ա...