Հայաստանի ԱԲ Էքոհամակարգը 2026-ին. Յառաջխաղացքի եւ Մարտահրաւէրներու Ընդհանուր Պատկեր մը

 


Համաշխարհային արհեստագիտական մրցավազքի բուռն զարգացումներու այս հանգրուանին, երբ Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) այլեւս պարզ նորոյթ մը չէ, այլ պետութիւններու ազգային ինքնիշխանութեան եւ տնտեսական գոյատեւման կենսական առանցքը, Հայաստան կը գտնուի վճռորոշ խաչմերուկի մը վրայ։

YerevaNN գիտահետազօտական կեդրոնի «Հայաստանի ԱԲ Էքոհամակարգը 2026» զեկոյցը, որ հրապարակուեցաւ այս տարուան Սեպտեմբերին, կը հանդիսանայ այն հեղինակաւոր աղբիւրներէն մէկը, որուն տուեալները թոյլ կու տան հասկնալու Հայաստանի արհեստագիտական վերելքին իրական պատկերը։

Այս աշխատասիրութեան մէջ ընդգծուած է հիմնական եւ յստակ դրոյթ մը. Հայաստանը օժտուած է փոքր, բայց բովանդակալից էքոհամակարգով մը, որ թէեւ կ'արձանագրէ տպաւորիչ յառաջխաղացք, սակայն տակաւին կը բախի հասունութեան լուրջ խնդիրներու։ Անոր առջեւ ծառացած է ռազմավարական հրամայականը՝ առկայ քանակական աճը վերածել որակական յեղափոխութեան, ապահովելու համար հայրենի գիտական մտքի մրցունակութիւնը միջազգային բեմահարթակներու վրայ։

Ոլորտի զարգացման յետագիծը ըմբռնելու համար անհրաժեշտ է նախ անդրադառնալ այն չափելի ցուցանիշներուն, որոնք կը կազմեն այս էքոհամակարգի ողնայարը։ Ըստ զեկոյցին, 2026-ի Օգոստոսի դրութեամբ արձանագրուած են հետեւեալ առանցքային տուեալները.

  • Գիտահետազօտական աշխատանք. Գործօն են 23 հետազօտական խումբեր, որոնք արտադրած են 103 անուանական գիտական հրատարակութիւններ (գիտական յօդուածներ):
  • Մասնաւոր ոլորտ. Հաշուառուած են 114 կազմակերպութիւններ, որոնք կը ներառեն ԱԲ արտադրանք ստեղծող ընկերութիւններ, խորհրդատուական մարմիններ եւ զանազան մասնագիտացած խումբեր։
  • Հաշուողական հզօրութիւն. Տուեալներու կեդրոններուն մէջ (Data Centers) տեղակայուած են 6,736 բարձրորակ տեսաքարտեր (GPU), ինչ որ հսկայական ոստում մըն է նախորդ տարիներու համեմատութեամբ։
  • Կրթութիւն. 2026-ի ընդունելութեան ցուցանիշները յուսադրող են՝ 487 աշակերտ «ԱԲ Սերունդ» ծրագիրին մէջ, 460՝ BS եւ 88 մագիստրոսական ուսանողներ։

Սակայն այս թիւերուն ետին պահուած է ներքին լարուածութիւն մը. թէեւ ենթակառուցուածքային տարածքը կայ, սակայն համաշխարհային մակարդակի գիտական արդիւնքին հասնելու չափերը տակաւին սահմանափակ են։ Զեկոյցը կը մատնանշէ, որ էքոհամակարգը ներկայիս կը յենի սակաւաթիւ խումբերու վրայ, ինչ որ ստեղծած է իմացական կարողութիւններու վտանգաւոր կեդրոնացում մը։ Այս կացութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի գլխաւոր ռազմավարական խոցելիութիւնը։

Հետազօտութիւն

Գիտական հետազօտութիւնը էքոհամակարգի «ուղեղն» է, որ կ'ապահովէ պետութեան երկարաժամկէտ արհեստագիտական ինքնիշխանութիւնը։ Զեկոյցը կը դասակարգէ հետազօտական խումբերը երեք յստակ ուղղութիւններով.

1.  Ակադեմական. ԵՊՀ-ի Մեքենայական ուսուցման խումբը (YerevaNN), Հայ-Ռուսական համալսարանի CAST կեդրոնը եւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (ՀԱՀ) խումբերը։

2.  Արդիւնաբերական. NVIDIA-ի հայաստանեան խումբը, Picsart-ը, Deep Origin-ը եւ Denovo Sciences-ը, որոնք գիտական միտքը կը շաղկապեն շուկայական իրականութեան։

3.  Միջառարկայական. Ուր ԱԲ-ն կը կիրառուի բնագիտութեան, կենսաբանութեան եւ այլ բնագաւառներուն մէջ։

Այս ոլորտին մէջ ամենայուսադրող երեւոյթը «ուղեղներու հակադարձ արտահոսքն» է։ Յատկանշական են օրինակները Էրիք Առաքելեանի (Քոփենհակընի համալսարան) եւ Էտկար Մինասեանի (Փրինսթընի համալսարան), որոնք արտասահմանեան հեղինակաւոր կեդրոններուն մէջ իրենց դոկտորականը պաշտպանելէ ետք վերադարձած են հայրենիք՝ միանալու համար NVIDIA-ի հայաստանեան հետազօտական խումբին։ Այսուհանդերձ, էքոհամակարգի ակադեմական հիմքը տակաւին փխրուն է. համաշխարհային ամենաբարձր գիտական հեղինակութիւն վայելող «NeurIPS մակարդակի» աշխատանքները կախում ունին շատ քիչ թիւով գիտական ղեկավարներէ, ինչ որ համակարգը կը դարձնէ դիւրաբեկ։

Հիմնական հետազօտական ուղղութիւնները երկուքն են՝ ԱԲ-ն ռոպոթաշինութիւն (տեսողական կողմնորոշում եւ կառավարում) եւ  դեղագործութիւն։

Կրթութիւն

Կրթական շղթան՝ աւագ դպրոցէն մինչեւ գիտութիւններու դոկտոր, էքոհամակարգի յարատեւութեան գլխաւոր, եթէ ոչ՝ միակ, գրաւականն է։ Զեկոյցը կը ներկայացնէ կիրարկուող երկու հիմնական մօտեցումները. FAST հիմնադրամի «ԱԲ Սերունդ » ծրագիրը, որ պետական աւագ դպրոցներուն մէջ ներդրուած եռամեայ խորացուած դասընթացք մըն է եւ Synopsys-ի «STEP.ai» ծրագիրը, որ կը գործէ որպէս ընտրովի դասընթացք։ Այս ծրագիրները կը ստեղծեն տաղանդներու այն լայն խարիսխը, որ պիտի սնուցանէ համալսարանական ոլորտը։

Բարձրագոյն կրթութեան մէջ ԵՊՀ-ն, ՀԱՀ-ը եւ Արհեստագիտական համալսարանը ստեղծած են մասնագիտացած ծրագիրներ, իսկ պետութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած է «Արհեստական բանականութիւն» մասնագիտացումը։ Սակայն այստեղ կը բացուի ամենացաւալի իրականութիւնը. Հայաստանի մէջ չկայ մասնագիտացած եւ բարձրորակ PhD (դոկտորական) ծրագիր։ Առանց այս հիմնաքարին, Հայաստանի լաւագոյն ուղեղները ստիպուած կ'ըլլան մեկնիլ արտասահման՝ բարձրակարգ գիտական ղեկավարում գտնելու համար։ Այս բացը կը սպառնայ վերածուիլ մշտական ուղեղներու արտահոսքի, եթէ չհիմնուին համաշխարհային մակարդակի գիտական վերահսկողութեան մեքանիզմներ։

Հաշուողական հզօրութիւն

Հայաստանը յաջողած է յաղթահարել հաշուողական հզօրութեան (Compute) սակաւութիւնը։ Այսօր ան ունի տպաւորիչ ենթակառուցուածք մը, որ կարելի է ներկայացնել հետեւեալ աղիւսակով.

 

Հարթակ

Հզօրութիւն (GPUs)

Հիմնական դերակատարութիւն

ԵՊՀ Տուեալներու Կեդրոն

80 (H100/A100)

Հանրային գիտական հետազօտութիւն

Eleveight AI

512 (B300)

Մասնաւոր եւ առեւտրային ծառայութիւն

Firebird AI

6,144 (B200)

Համաշխարհային ծաւալի հզօրութիւն

 

Այստեղ կայ կարեւոր նրբութիւն մը. Կառավարութեան եւ Firebird-ի միջեւ կնքուած 25 միլիոն տոլարի պայմանագիրը յատկացուած է «Արհեստական բանականութեան վիրտուալ ինստիտուտի» (AIVI) ստեղծման, որ նպատակ ունի հանրային հատուածին եւ սկսնակ ընկերութիւններուն հասանելի դարձնել այս հզօրութիւնը։ Սակայն զեկոյցի հիմնական եզրակացութիւնը ահազանգային է. սարքաւորումները (Hardware) ինքնին արժէք չեն, եթէ չկան բաւարար թիւով գիտական խումբեր, որոնք ունակ են օգտագործել այդ ուժը։ Հայաստանը ունի «երկաթն ու սեմենթը», բայց կը կաղայ ուղեղային կամ մարդկային կարողութեան ծաւալի (Human-ware) հարցին մէջ։ Սա լրջօրէն կը խցանէ զարգացումը․ խնդիրը մը, պէտք է լուծուի անմիջապէս։

 

Արդիւնաբերութիւն

Հայաստանի տնտեսութեան զարկերակը հանդիսացող 114 տնտեսվարող կազմակերպութիւնները կը բաժնուին երեք խումբերու. ԱԲ արտադրողներ (Krisp, Picsart, 10Web), խորհրդատուական ընկերութիւններ (Metric, Fimetech) եւ տեղական ԱԲ խումբեր (ServiceTitan, դրամատուներ)։ Յատկապէս ոգեւորիչ է «ֆիզիքական ԱԲ»-ի (յատկապէս ռոպոթաշինութեան) եւ կենսաբանական գիտութիւններու մէջ օգտագործուող ԱԲ արհեստագիտութեան աճը։ Այս առումով օրինակելի է Areg.AI ընկերութիւնը, որ կը կիրառէ ԱԲ-ն արեւային ուժանիւթի եւ ռոպոթաշինութեան ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ Denovo Sciences-ը, որ դեղագործական յայտնագործութիւնները կը կատարէ մոլեքիւլային մակարդակի վրայ։ Այս ընկերութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանը կրնայ ստեղծել բարձր յաւելեալ արժէք ունեցող արտադրանք, որ մրցունակ է համաշխարհային շուկայի մէջ։

Պետութեան դերը

Պետութիւնը ստանձնած է թէ՛ ֆինանսաւորողի, թէ՛ կարգաւորողի դերը։ Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէին միջոցով 2020-էն ի վեր ֆինանսաւորուած են 35 ԱԲ ծրագիրներ՝ շուրջ 612 միլիոն դրամի արժողութեամբ։ Սակայն պետական աջակցութիւնը տակաւին բաւարար չէ համաշխարհային մակարդակի գիտաշխանոցներ պահելու համար։

Համայնքը

Այս բացը մասամբ կը լրացնէ աշխոյժ արհեստագիտական համայնք մը։ DataFest Yerevan եւ AI Conf համաժողովները պարզապէս հաւաքոյթներ չեն, այլ այն « կապերու հիւսուածքը», որ կը նպաստէ ուղեղներու արտահոսքը կանխելուն։ Այս հարթակները ստեղծած են մասնագիտական այնպիսի միջավայր մը, ուր երիտասարդ տաղանդները կը զգան իրենց ներուժին իրացման հնարաւորութիւնը հայրենիքի մէջ, կապուելով միջազգային գիտական միտքին՝ առանց երկիրը լքելու։

Հայաստանի ԱԲ ոլորտի 2026-ի օգոստոսեան պատկերը կը յուշէ, որ Հայաստան յաջողած է ստեղծել հաստատուն հիմք մը, սակայն յառաջիկայ տարիներու գլխաւոր մարտահրաւէրը քանակը որակի վերածելն է։ Նպատակը պէտք է ըլլայ համաշխարհային մակարդակի գիտական հաստատութիւններու եւ PhD ծրագիրներու հիմնադրութիւնը, որպէսզի հայկական տաղանդը չդառնայ արտասահմանեան համալսարաններու հումք։

Սփիւռքի համար այս զարգացումները ունին ռազմավարական եւ գոյութենական նշանակութիւն։ Պէտք է գիտակցիլ, որ Հայաստանի արհեստագիտական վերածնունդը լոզունգ մը չէ, այլ ամէնօրեայ քրտնաջան գիտական աշխատանք, որ կը կերտէ մեր վաղուայ հզօր եւ ինքնիշխան հայրենիքը։ Հայերը ունին հաշուողական ուժը, ունին տաղանդը, այժմ ժամանակն է կառուցելու այն հաստատութիւնները, որոնք Հայաստանը կը դասեն աշխարհի յառաջատարներու շարքին, ապահովելով հայ ազգի տեղը թուային դարաշրջանի արեւի տակ։

Հրատարակուած է Պայքար շաբաթաթերթին մէջ, Սեպտեմբեր 2026-ին։

Comments

Ամենաընթերցուածք

Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»

Պուրճ Համուտէն Ապիճան․ Վարսայարդար Կարօ Հացպանեանի կէսդարեայ ոգեշնչող վերելքը

Կեանք մը՝ գրուած մինչեւ վերջին ժամը