Posts

Զէնք` յանուն ինչի

Image
Բարի գալուստ Հայկական ռազմական ակադեմիա, ուր գոյութենական սպառնալիքները, ըստ երեւոյթին, լաւագոյնս կը լուծուին… «flower power»ով ☮️։  Այո, բարեկամներ, սա Վուտսթոքը չէ, եւ 1969 թուականը չէ։ Սա լուրջ հնչող՝ «Մշակոյթը զէնք» անունով միջոցառում մըն է ՀՀ ռազմական ակադեմիային մէջ քանի մը օր առաջ ՝ Եռագոյնին վրայ հիփփիական խաղաղութեան խորհրդանիշով, որ կը գոռայ՝ «make love, not war»... մինչդեռ զինուորները կը մարզուին պատերազմելու, երբ պատերազմ կը պարտադրուի իրենց երկրին։ Միթէ՞ ակադեմիային մէջ չեն գիտեր, որ ժամանակին, ☮️-ը խորհրդանիշն էր ամերիկացի ուռռող տղաներու եւ աղջիկներու շարժման` գլխաւորաբար այն ջահելներուն, որոնք կ՛ուզէին խուսափիլ զoրակոչէն (թէ ինչպիսի ընկերային-քաղաքական պայմաններու մէջ՝ չի վերաբերիր հայ սպաներուն)։ Ի՞նչ է յաջորդը․ աքուսթիք կիթառներով տրուած հրամաննե՞ր։ Թշնամիի անօդաչուներ, որոնք կը չեզոքացուին շուրջպարերո՞վ։ Եկէք ըլլանք պարզ. մշակոյթը կրնայ զէնք ըլլալ (ինչ ալ որ ակադեմիայի ղեկավարութիւնը հասկցած է «մշակոյթ» ըսելով)։ Բայց խառնել մշակոյթը խաղաղասիրական խորհրդանիշներու ...

Այո՝ ազգային եկեղեցական ժողովին, ոչ՝ «համակարգող խորհուրդ»ին

Image
  Վասն Պետութեան, Ազգին եւ Հայրենիքին   Ծանօթ ․ Յօդուածը ընդլայնուած տարբերակն է ՖՊ-ի մէջ Յունիս 2025-ի սկիզբը կատարածս մէկ գրութեան։   Սկսիմ լրատուական հաղորդումներով․ վերջին շաբաթներ ուն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակայնօրէն մեղադրեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը կուսակրօնութեան ուխտը խախտելու եւ զաւակ ունենալու մէջ։ Փաշինեան պնդեց, որ սա «փաստ» է եւ եթէ Գարեգին Բ ․ փորձէ հերքել, ինք պատրաստ է ապացուցել իր պնդումը « համապատասխան ձեւաչափով » ։ Ան շեշտեց, որ ըստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնակարգի ն , նման խախտումի պարագային Գարեգին Բ ․ չէր կրնար ըլլալ եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոս կամ ընտրուիլ Կաթողիկոս, եւ պահանջեց, որ վերջինս լքէ Վեհարանը։ Փաշինեան շարունակեց գրգռութիւնը եւ քանի մը անգամ հրապարակաւ կրկնեց, որ Մայր Աթոռին կողմէ իր բարձրացուցած հարցին նկատմամբ «լռել ը նշանակում է համաձայնուել»։ Ան իր հետեւորդներուն կոչ ըրաւ համախմբուիլ «Վեհարանը սիրով եւ քրիստոնէաբար ազատելու եւ որեւէ իրապէս սրբազան հոգեւորականի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրե...

Երբ «TikTok»ը չի հակասեր տաճարին. միակողմանի վերլուծութեան սահմանափակութիւնը

Image
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի «TikTok-էն տաճար վերադառնալու ժամանակն է» յօդուածը (տեսնել այստեղ)  իմաստալից խորհրդածութիւն մըն է մարդու հոգեւոր կարիքներուն եւ այդ կարիքներուն դիմաց ժամանակակից թուային մշակոյթին անկարողութեան մասին։ Սակայն , TikTok անունով ընդհանրացուած ` թուային յարաբերութեան նոյն կարգի միջոցներու բացառապէս ու խիստ ժխտական երեսը դիտարկելով, յօդուածը միակողմանի պատկեր մը կը ներկայացնէ անոնց մասին առանց անդրադառնալու այդ գործիքներու բազմանշանակութեան, բազմակողմանիութեան ու դրական կողմերուն ։ Ստորեւ կը ներկայացնեմ քննադատական մօտեցում մը այս մասին՝ քանի մը կէտերով ։ TikTok բառը պիտի չակերտաւորեմ՝ հաւատարիմ մնալու համար զայն որպէս ընդհանրացուած միջավայր մը ներկայացնելու հեղինակի մօտեցումին։ Հեղինակը « TikTok » ը կը բնորոշէ որպէս «բթացնող» եւ «անզգայացնող» միջավայր մը , որ կը փոխարինէ աղօթքն ու ազնուութիւնը՝ «փափուկ բառերով եւ մշուշոտ խոստումներով»։ Այս վերլուծութիւնը սակայն, կը մերժէ « TikTok » -ի իրական բազմազանութիւնը։ Գոյութիւն ունին բազում էջեր ու օգտատէրեր, որոն...

Մենք առանձին չենք

Image
Օրինակով մը բացատրեմ, թէ ինչու ամուր է հաւատքս մարդկութեան հանդէպ։ Երկու օր առաջ, տղաս պէտք ունեցաւ կարդալու կառավարական փաստաթուղթ մը, անգլերէն,  1950-ական թուականներէն։ Հ անրութեան համար բաց-հասանելի նիւթ մըն էր, առկայ էր առցանց, բայց շատ վատ կերպով սքան եղած, իմ ու իրեն համար անընթեռնելի ։ Փորձեցինք ամէն բան՝ OCR գործիքներ, արհեստական բանականութեան ծրագիրներ, բայց ոչ մէկը օգտակար եղաւ։ Արհեստական բանականութիւնը, օրինակ, սկսաւ «զառանցել»․ քանի մը բառ հասկնալուն վրայ՝ սկսաւ «արտադրել» երեւակայական պատմութիւններ, որոնք չունէին որեւէ կապ թեմային հետ, որ, ծանօթ էր մեզի անշուշտ։ Այդ պահուն, թուաց, որ անյոյս գործ է ։ Տղաս շարունակեց ջանքերը ու յայտնաբերեց առցանց հարթակ մը, որուն անդամները կը զբաղին հին փաստաթուղթերով։ Գ րառում մը կատարեց այնտեղ ու պարզ ու յստակ բացատրեց խնդիրը եւ խնդրեց օգնութիւն ։ Այն ինչ պատահեցաւ՝ երբեք պիտի չմոռնամ ։ Քիչ ժամանակ անց, չորս անծանօթներ արձագանգեցին։ Մարդիկ, որոնք բնաւ չէին ճանչնար տղաս։ Կատարած էին ջանքը վերարտադրելու թեքսթը եւ ներկայացնելո...

Թրամփի Քաղաքականութիւնը. Բաժնել Եւրոպան՝ Միաւորելու Համար Ամերիկան

Image
  Նախագահական առաջին քարոզարշաւէն ի վեր, Տոնալտ Թ րամփի արտաքին քաղաքականութիւնը՝ մասնաւորաբար Եւրոպայի նկատմամբ, բնորոշուած է հակադրութիւններով , անկանխատեսելիութեամբ եւ աւանդական դաշնակ ցութիւններն ու դաշնակիցները արժեզրկող ու վարկազրկող քայլերով : Մինչ բազմաթիւ քննադատներ կը պնդեն, թէ անոր մօտեցումը արդիւնք է անփութութ եան, գոռոզամտութեան կամ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ ծանօթ՝ մեկուսացման վարքագիծին, իմ կարծիքովս, այն աւելի շուտ ու աւելի շատ կը ցուցանէ հաշուուած դիրքաւորում մը. Թրամփի վարքագիծը Եւրոպայի նկատմամբ ոչ միայն Ամերիկայի ետ քաշուիլն է համաշխարհային առաջնորդութենէն (isolationism), այլեւ՝ աշխարհի կարեւոր այդ մասին մէջ հակա-ամերիկեան տրամադրութիւններ ստեղծելու ջանք մը, որպէսզի Ամերիկայի ներսը միաւորուի «աշխարհը մեր դէմ է» յերյիւրանքին տակ:   Դաշնակիցները հեռացնելով՝ Թրամփ ամերիկացիներու աչքին կը բեմադրէ ինքնիրականացող մարգարէութիւն մը, ուր աշխարհը դարձեալ դուրս կու գայ Ամերիկայի դէմ , ու ինք կը ներկայանայ որպէս միակ ղեկավար ը , որ կրնայ պաշտպանել երկիր...

Ռոպին Շարմայի «Առաւօտեան Ժամը Հինգի Ակումբը»

Image
    «Օրուան առաջին մասին շատ հոգ տարէք, եւ օրուան մնացեալ մասը ինքնիրեն կը հոգացուի: Տէր կեցէք ձեր առաւօտուան, որպէսզի հիմնաւորապէս բարելաւէք ձեր կեանքը» Ռոպին Շարմա   Մեզմէ շատերուն համար, առաւօտեան ժամը հինգին արթննալը խիստ անհրապոյր կը թուի: Մեզմէ շատերը կը նախընտրեն առաւօտները աւելի երկար անկողինին մէջ մնալ. մենք չենք սիրեր ստիպել մենք զմեզ աւելի կանուխ արթննալ «քան պէտք է»: Բայց ի՞նչ կ'ըսէք, եթէ իմանաք, որ առաւօտեան ժամը 5-ին արթննալը յաջողութեան բանալին է: Ռոպին Շարմա իր «Առաւօտեան Ժամը Հինգի Ակումբը» գիրքին մէջ պատմութիւն մը կը գործածէ ցոյց տալու համար իր համոզումը, թէ կանուխ արթննալը արդիւնաւէտութեան եւ յաջողութեան բանալին է: Պատմութիւնը կը վերաբերի միլիառատիրոջ մը, որ որոշած էր խորհրդատու ըլլալ դժուարութիւններ ունեցող արուեստագէտի մը եւ ձեռնարկատիրոջ մը: Առաջին բանը որ ան կ'որոշէ սորվեցնել արուեստագէտին, առտուան վրայ «յաղթանակ» տանելու կարեւորութիւնն է: Ինչպէ՞ս «կը յաղթենք» առաւօտը, պիտի հարցնէք: Առաջին գաղափարը «Յաղթանակի ժամն» է : Առաւօտեան ժամը 5...